2014-04-10 14:03:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Հանդիպում Յիսուսեան Միաբանութեան Համալսարաններու հասարակութիւններուն հետ։


Հինգշաբթի, 10 ապրիլ 2014, առաւօտեան ժամը 10.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Մակեդոնիայի երբեմնի Եուկոզլավիոյ հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած դեսպան` Տիար Զվոնիմիր Եանքուլովսքի, Ան ապա ընդունեց Քուէյթի, Պահրէյնի, Եմէնի, Քաթարի եւ Արաբական Էմիրութիւններու միութեան մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Փիդար Ռայիչը, որմէ ետք Վատիկանի Քահանայապետական Գիտութեան կաճառի սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց մարդավաճառութեան մասին միջազգային գիտաժողովի մասնակցողներուն, հուսկ ժամը 12-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Յիսուսեան միաբանութեան պատկանող Գրիգորեան համալսարանի, ինչպէս նաեւ` Արեւելեան քահանայապետական եւ Սուրբ Գիրքի հաստատութեան հասարակութիւններուն։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը, ողջունելով ներկաները, մատնանշեց թէ այս երեք հաստատութիւններու մատկարարումը յանձնուած է Յիսուսեան Միաբանութեան եւ կր գոործեն անոր կարգախօսով ''Աստուծոյ բանակ, Խաչի նշանին տակ, ծառայելու միայն Տիրոջ ու Անոր հարսին` Եկեղեցւոյ, ի սպաս Հռոմի Քահանայապետին, Երկրի վրայ Քրիստոսի փոխանորդ''։
Սրբազան Հայրը շեշտեց երեք հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութեան զարգացումի կարեւորութեան եւ այժմէական մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու հարկաւորութեան մասին։ Ան ապա ընդգծեց հաստատութիւններու գործունէութեան երեք երեւոյթներ.
Առաջին` արժեւորել վայրը ուր անոնք կը գտնուին ու կը գործեն` Հռոմ քաղաքն ու Հռոմի Եկեղեցին, ուր կը գտնուին հաւատքի արմատները, նահատակներու եւ առաքեալներու յիշատակը։
Երկրորդ` կապը ընդմէջ ուսումնասիրութեան եւ հոգեւոր կեանքին։ Ձեր մտային յանձնառումը աւելի պտղաբեր կը դառնայ այնքան որքան տոգորուած է Քրիստոսի ու Անոր Եկեղեցւոյ սիրով – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց - Փիլիսոփայութիւնն ու Աստուածաբանութիւնը թոյլ կու տան ձեռք բերել համոզումներ որ կ՛ամրապնդեն հետազօտական աշխատանքը եւ կը լուսաւորեն կամքը, սակայն այս բոլորը աւելի պտղաբեր կը դառնայ երբ կը կատարուի բաց միտքով եւ ծնկաչոք։ Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ հետազօտական աշխատանքին ու ուսմունքի լրացուցիչը ըլլալու է անձնական եւ հասարակական կեանքի ապրումը եւ միսիոնարական յանձնառումը. Ինչպէս նաեւ եղբայրսիրութիւնը եւ աղքատներու հետ բաժնեկցութիւնը ու Տիրոջ հետ յարաբերութեան ներքին կեանքի խնամքը։
Ձեր հաստատութիւնները Փիլիսոփայ եւ Աստուածաբան ստեղծող գործիքներ չեն ` անոնք զարգացող հասարակութիւններ են, ու զարգացումը կ՛աճի ընտանիքին մէջ, առօրեայ ապրումով եւ մարդկային իմաստուն վարուելակերպով։

Սիրելի եղբայրակիցներ – ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ճառը եզրափակելով - ձեզմէ ամէն մին, կը յանձնեմ` Իմաստութեան Աթոռ` Մարիամի հովանիին եւ Սուրբ Իգնատիոս Տի Լոյոլայի հոգատարութեան ։ Ձեզ կ՛օրհնեմ ու կ՛աղօթեմ ձեզի համար ու կը խնդրեմ` աղօթեցէք ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.